aztag images

Discover Best aztag Images of World

#food #travel #sports #news #april #sunday

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը . . . . Անցեալ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 75-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շիրահ Պուարի խումբին դէմ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ատապ ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պահ մը 26 կէտով ալ հեռացան մրցակիցէն` առիթ տալով գրեթէ բոլոր մարզիկներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մրցումին: Յուսանք, որ այս յաղթանակին կը յաջորդեն այլ յաղթանակներ եւս, եւ խումբը կը բարձրանայ Գ. դասակարգ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 5:45:08 PM

Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի – ՀՄԸՄ . . . . Վաղը կը սկսին ֆայնըլ 4-ի մրցումները, ուր ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ռիատիի դէմ Մանարայի դաշտին վրայ, ժամը 17:45-ին: Առաջին մրցումը կրնայ ըլլալ քիչ մը լարուած` նկատի ունենալով, որ նոյն այս դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցեալ նոյեմբերին կրցան յաղթանակ արձանագրել, բայց խումբերը շատ փոփոխութիւններ կրած են այդ օրուան մրցումէն ետք: ՀՄԸՄ-ի պարագային Զեք Լոֆթըն եւ Ճամալ Ճոնզ անցեալ մրցումին խումբին մաս չէին կազմեր, մինչ Ռիատի իր կարգին բարեփոխած է իր օտարները` ձեռք ձգելով Թոն Մէյքըրը եւ Ճոնաթըն Սիմընզը: Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրկնեն յաղթանակը Մանարայի մէջ ախոյեան Ռիատիի դէմ, որ քանի մը օր առաջ որոշեց «քաշուիլ» Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքէն (Անթուան Շուէյրի բաժակ), որ աւելի կեդրոնանայ ախոյեանութեան եւ Ուասլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին վրայ: Ֆայնըլ 4-ի գծով, երկուշաբթի ժամը 21:45-ին Պէյրութ Ֆըրսթ կը հիւրընկալէ Սաժեսը` Շիյահի դաշտին վրայ: Շաբաթ, Սաժես կը հիւրընկալէ 2-րդ մրցումը նոյն ժամուն, Ղազիրի մէջ, իսկ ՀՄԸՄ կիրակի ժամը 16:45-ին (5 մայիսին) կը հիւրընկալէ Ռիատին Մըզհերի մէջ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 5:30:18 PM

Բռնցքամարտ. Նարեկ Մանասեան Այսօր Կը Մրցի Ոսկի Մետալին Համար . . . . Հայաստանի բռնցքամարտի տղոց խումբի անդամ Նարեկ Մանասեան այսօր կը պայքարի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեանի կոչման համար: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 92 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումին, Նարեկ Մանասեան պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը ներկայացնող քուպացի մարզիկ Լորեն Ալֆոնսոն: Աւարտականի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երբ Նարեկ Մանասեան կը մրցի ռուս բռնցքամարտիկ Մուսլիմ Կաճիմակոմետովի դէմ: Աւելի կանուխ, աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Անի Յովսէփեան եւ Անուշ Գրիգորեան պրոնզ մետալ շահեցան: Տղոց կազմէն պրոնզ մետալ շահեցան Արթուր Բազեան, Արթուր Սահակեան եւ Արարատ Յարութիւնեան: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 5:15:07 PM

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւիթեան Հասաւ Ողիմպիական . . . . Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւիթեան դարձաւ 2024 թուականի աշխարհի բաժակի խաղերու ոսկի մետալակիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի խաղերու վերջին հանգրուանին, Դաւիթեան յենացատկի վարժութեան աւարտականին 15,166 կէտ հաւաքելով դարձաւ ոսկի մետալակիր: Նախապէս, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւիթեան օղակներու վարժութեան մրցումներուն ոսկի մետալ շահելով իր կարգին շահած էր 2024-ի Փարիզի Ողիմպիականի մասնակցութեան իր տոմսը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 5:00:28 PM

«Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» Մրցանքի Բ. Փուլը . . . . Երեք ամսուան մրցումներէ ետք, 27 ապրիլի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Վանայ Ձայն»-էն ընթացք կ՛առնեն «Ճիշդ հնչենք» աշակերտական մրցանքին երկրորդ փուլի մրցումները, որոնք երեք հանգրուանով իրարու դէմ կը հանեն լիբանանահայ վարժարաններու Զ., Է. եւ Ը. դասարաններէն ընտրուած լաւագոյն աշակերտները: Արդարեւ, անցնող շաբաթներուն «Վանայ Ձայն»-ը հիւրընկալեցին լիբանանահայ 11 վարժարաններ, ուր տեղի ունեցան մրցանքին առաջին փուլի մրցումները` մասնակցութեամբ 140 աշակերտներու: Մրցումներու արդիւնքներու լոյսին տակ, իւրաքանչիւր վարժարանէ երկրորդ փուլ անցան մէկական աշակերտ` վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններէ, ընդամէնը` 33 աշակերտ: Այժմ, իւրաքանչիւր շաբաթ, իրարու դէմ կը մրցին տուեալ դասարանի 11 աշակերտները` ընտրելու համար Զ., Է. եւ Ը. դասարաններէն աւարտական փուլ անցնելիք երեքական աշակերտները: Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ հրապարակային հանդիսութեամբ մը, պիտի ճշդուին իւրաքանչիւր դասարանի այս տարուան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող աշակերտները: «Ճիշդ հնչենք» մրցանքը այս տարի կը բոլորէ իր կազմակերպման 10-րդ տարին: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Յայտագիրը կը հովանաւորեն Մարաշի հայրենակցական միութիւնը եւ ԱՖՀԻԼ-ը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 4:30:16 PM

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին . . . . ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը` քննարկելու հարաւային Լիբանանի զարգացումներն ու Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 2:15:11 PM

Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը . . . . Չիլիի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան 25 ապրիլին բողոքած է Հարաւային ամերիկեան երկրի խորհրդարանին կողմէ 24 ապրիլին որդեգրուած որոշումին դէմ` յայտարարելով, որ անիկա «ուժ չունի»: «Խորհրդարանները իրաւասու չեն մեկնաբանելու պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ դատողութիւններ կատարելու», «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պնդելով, որ բանաձեւը նաեւ կը հակասէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի 1948 թուականի ուխտին: Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան, ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կրնայ քննուիլ միայն պատշաճ դատարանի կողմէ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/27/2024, 1:45:07 PM

Səncə necə bir hissdir? Bir gün yuxudan oyanırsan və hər şeyi doğru hiss etdiyin yerdəsən. Beynin sakitdir, ürəyin huzurludur. Ruhun aydınlanıb. Düşüncələrin pozitivdir. Gələcək qorxuların yoxdur. Təslimiyyətdəsən, olduğun yerlə və yanındakı insanlarla sülh içindəsən. Bunlar üçün sadəcə “bir addım” at. Terapiyalar həyatınızı dəyişir. Photo by @famil_hamidli #accessconsciousness #accessbars #accessfacelift #facelift #love #loveyourself #meditation #thetahealing #theta #teraphy #terapi #terapiya #lifecoach #coach #baki #baku #azerbaijan #instagram #azerbaycan #aztag #az #sadxutəlimi #sadxuterapiyası #myworld #positive #thinkpositive #thinkpositively #sadhu #sadhuboard #sadxu

4/26/2024, 3:15:09 PM

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւն . . . . Հայ ժողովուրդը այս տարի կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հարիւրամեայ անպատժելիութեան եւ անհատոյց մնալու փաստը կը շարունակէ իր բացասական անդրադարձը ունենալ համայն մարդկութեան վրայ: Եթէ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկուած ըլլար, չէին ըլլար Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները, յատկապէս 21-րդ դարուն ընթացքին տեղի չէր ունենար Արցախի բնիկ ժողովուրդի տեղահանութիւնը իր պատմական հայրենիքէն, Արցախի ցեղային զտումը, բռնազաւթումը, ինչպէս նաեւ` ազգային, պետական եւ անհատական ունեցուածքի թալանն ու պատմամշակութային դարաւոր արժէքներու կործանումը: Զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայ ժամանակաշրջանին դժբախտաբար կը շարունակենք ականատես դառնալ այդպիսի ցեղասպանական ոճիրներու: Արցախի մէջ տեղի ունեցածէն շուրջ մէկ տարի ետք, այսօր, ականատեսն ենք այլ անիրաւութեան մը, այլ տառապանքի ու ողբերգութեան մը: Հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան դէմ գործած ոճիրներու նկատմամբ պատշաճ եւ գործնական հակազդեցութեան բացակայութեան հետեւանքն է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմավարական դաշնակից Իսրայէլը այսօր կը յանդգնի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր ցեղասպանական ոճիրը գործել: Արդարութեան եւ իրաւունքի յաղթանակը անխուսափելի է: Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով կը վերանորոգենք արդարութեան համար պայքարը շարունակելու մեր կամքը եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք արաբ ու իրանցի եղբայրական ժողովուրդներու մարդկային եւ կրօնական ազնուագոյն սկզբունքներէն բխած պատուաբեր կեցուածքը` Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն նկատմամբ: Մեր պայքարը պիտի շարունակուի: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/26/2024, 2:30:08 PM

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբերուն Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում . . . . Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն` առանց կորսնցնելու փրկութեան մեր հաւատքն ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին: Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ի առաւօտուն մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մատուցեց 1915-ի սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած ս. պատարագ, որուն աւարտին, հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Յայտնենք, որ ս. պատարագին եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, լիբանանահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, մարմիններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները: Աւարտին Արամ Ա. իր հայրապետական եւ հայրական ողջոյնը փոխանցեց շրջափակին մէջ հաւաքուած հայորդիներուն, որոնց շարքին էին լիբանանահայ սկաուտական կազմերն ու շեփորախումբերը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/26/2024, 2:15:05 PM

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Նախագահութեամբ Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին . . . . Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին յարակից Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջափակին մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին պատարագեց եւ հայրենասիրական շունչով քարոզեց Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան` ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի պատրիարքական թեմին: Ս. պատարագին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին կը ներկայացնէր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Խորանին սպասաւորեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան` երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները: Հոգեպարար արարողութենէն ետք հանդիսաւոր թափօրը` գլխաւորութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին նուագակցութեամբ ուղղուեցան պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղադրուած Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ, ուր ծխացող խունկերու բուրմունքով եւ մոմավառութեամբ ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը անթառամ պահելու ի խնդիր: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/26/2024, 1:45:08 PM

Անհնազանդութեան Լայնածաւալ Շարժումներ` Հայաստանի Մարզերուն Եւ Երեւանի Մէջ . . . . Ի աջակցութիւն Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներու դէմ պայքարող հայրենակիցներուն, երէկ անհնազանդութեան շարժումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի տարբեր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ: Փակուած են միջպետական ճամբաներ, փողոցներ: Մասնակիցները այսպիսով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են տաւուշցիներուն, որոնք աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր կը պահանջեն հրաժարիլ հակահայ քաղաքականութենէն եւ սահմանազատման գործընթացէն: Բողոքի շարժումներուն մասնակցած են քաղաքացիներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, ընդդիմադիր պատգամաւորներ: Փակուած է Երեւան-Մեղրի միջպետական ճանապարհի Տիգրանաշէնի հատուածը, Երեւան-Գիւմրի մայրուղին` Ալագեազի հատուածին մէջ, Երեւան-Վարդենիս ճանապարհը` Մարտունիի հատուածին մէջ, Արարատի մարզի Զոդի կամուրջը: Փողոցներ փակուած են նաեւ Երեւանի մէջ` Խորենացի-Զաքեան խաչմերուկ, Չարենցի փողոց: Մինչեւ ուշ ժամանակ, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, անհնազանդութեան շարժումներուն ճնշման պատճառով 29 մարդ բերման ենթարկուած է Հայաստանի տարբեր հատուածներէն. 17-ը` Երեւանի մէջ, 12-ը` Նոյեմբերեանի մէջ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/26/2024, 11:45:09 AM

Gözel neticeler elde etdiyim növbeti botoks prosedurlarından biri. Prosedurdan 14 gün sonra qırışların hamarlanması, mimika eden zaman ezelelerin hereketinin müveqqeti olaraq dondurulması müşahide olunur. Qalıcıllq orqanizmadan asılı olaraq individualdı. 4-8 ay . Botox 💉 Yazılmaq üçün: 📲 📲 (+99455)362-88-82 @dr.kosmetoloq_aynure @dr.kosmetoloq_aynure ___________________ #botox #qirisason #qirishlar #aztag #insaatcilar #instaxanimlar #alinqirislari #yasamal #baku🇦🇿 #azerbaycan #metbext #qadinlar #beauty #hekimkosmetolog #instaqram #yeniyasamal

4/25/2024, 11:12:18 AM

İtaly Dizayn Studio Olaraq Sizlere Dizayn, Təmir, Tikinti, Venesianka,Lepka,Mebel , Güzgü və Fasad işlərinin yüksək keyfiyyətlə görülməsini təklif edir. 0519999985 #aztag #aztagram #aztagramm #ofis #restoran #baku #baki #azerbaijan #italy #dizyan #design #dizayner #interyer #fasad #tikinti #temir #ev #evdizayn #interyer #interior #design #kəşfet #azərbaycan🇦🇿 #azərbaycan #baku #təmir #tikinti #təmirtikinti #təmirtikintimaterialları #dizayner #3dmaxdesign #interiordesign

4/24/2024, 7:41:57 PM

İtaly Dizayn Studio Olaraq Sizlere Dizayn, Təmir, Tikinti, Venesianka,Lepka,Mebel , Güzgü və Fasad işlərinin yüksək keyfiyyətlə görülməsini təklif edir. 0519999985 #aztag #aztagram #aztagramm #ofis #restoran #baku #baki #azerbaijan #italy #dizyan #design #dizayner #interyer #fasad #tikinti #temir #ev #evdizayn #interyer #interior #design #kəşfet #azərbaycan🇦🇿 #azərbaycan #baku #təmir #tikinti #təmirtikinti #təmirtikintimaterialları #dizayner #3dmaxdesign #interiordesign

4/24/2024, 7:41:57 PM

İtaly Dizayn Studio Olaraq Sizlere Dizayn, Təmir, Tikinti, Venesianka,Lepka,Mebel , Güzgü və Fasad işlərinin yüksək keyfiyyətlə görülməsini təklif edir. 0519999985 #aztag #aztagram #aztagramm #ofis #restoran #baku #baki #azerbaijan #italy #dizyan #design #dizayner #interyer #fasad #tikinti #temir #ev #evdizayn #interyer #interior #design #kəşfet #azərbaycan🇦🇿 #azərbaycan #baku #təmir #tikinti #təmirtikinti #təmirtikintimaterialları #dizayner #3dmaxdesign #interiordesign

4/24/2024, 7:41:57 PM

İtaly Dizayn Studio Olaraq Sizlere Dizayn, Təmir, Tikinti, Venesianka,Lepka,Mebel , Güzgü və Fasad işlərinin yüksək keyfiyyətlə görülməsini təklif edir. 0519999985 #aztag #aztagram #aztagramm #ofis #restoran #baku #baki #azerbaijan #italy #dizyan #design #dizayner #interyer #fasad #tikinti #temir #ev #evdizayn #interyer #interior #design #kəşfet #azərbaycan🇦🇿 #azərbaycan #baku #təmir #tikinti #təmirtikinti #təmirtikintimaterialları #dizayner #3dmaxdesign #interiordesign

4/24/2024, 7:41:42 PM

Müxtəlif mənzillərdə klassik təmirlərimizdən tavan əl işləri modellerini təqdim edirik. _____ Əlaqə nömrələri: 050-254-07-81 050 254 07 83 email: [email protected] web: incigroup.az Ünvan: Nərimanov rayonu, Albert Aqarunov küç. 14A (keçmiş Həsən Əliyev 114A ) #dizayn #temir #instabaku #instaaz #luxdesign #kitchendesign #aztagtam #baku #baku🇦🇿 #bakutagram #bakucity #azerbaijan #azerbaycan #instaaz #instabaku #instabakutagram #azstagrambaku #aztag #aztagrambaku #bakitagram #bakuaz #klassiktemir

4/23/2024, 6:47:44 PM

Քենաանի. «Օտարերկրեայ Զօրքի Հարաւային Կովկաս Մուտքը Կայունութեան Հաստատման Չի Նպաստեր» . . . . Իրան միշտ ընդգծած է, որ օտարերկրեայ զօրքերու Հարաւային Կովկաս մուտքը չի նպաստեր անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման եւ շրջանի ժողովուրդներու շահերու ապահովման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Թեհրանի մէջ այդ մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի: Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը Իրանի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկն է: «Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը կ՛ազդէ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան վրայ», աւելցուցած է ան: Քենաանի ըսած է, թէ Իրանի ռազմավարութիւնը բանակցութիւններ եւ բազմակողմ երկխօսութիւն վարելն է` օգտագործելով գոյութիւն ունեցող մեքանիզմները Հարաւային Կովկասի մէջ տարակարծութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութիւն, կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու համար: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 11:00:17 AM

Միլլըր. «Վրաստանի «Օտարերկրեայ Գործակալներու» Մասին Օրէնքը Ներշնչուած Է Քրեմլինի Կողմէ» . . . . Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրինագիծը ներշնչուած է Քրեմլինի կողմէ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգները խորապէս հիասթափուած են Վրաստանի խորհրդարանի որոշումէն` յառաջ մղելու Քրեմլինի կողմէ ոգեշնչուած «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնսդրութիւնը: «Ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, այս օրէնքի որդեգրումը կրնայ վտանգել Վրաստանի յառաջընթացը դէպի Եւրոպական Միութեան ուղի: Մենք, մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ միասին, Վրաստանին կոչ կ՛ուղղենք չընդունելու օրէնքը, որ կը հակասէ Վրաստանի քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութեան ցանկութիւններուն` Եւրոպական Միութեան լիարժէք համարկուելու ցանկութեան», ընդգծած է Միլլըր: Ան նշած է նաեւ, որ Վրաստանը ունի աշխուժ քաղաքացիական հասարակութիւն, որ կը ծառայէ իր քաղաքացիներուն եւ կ՛աշխատի բարելաւել երկրի տնտեսութիւնը: «Եթէ որդեգրուի, առաջարկուող օրէնքը կրնայ սահմանափակել խօսքի ազատութիւնը, խանգարել այն կազմակերպութիւնները, որոնք այդ արտօնութիւնները կը տրամադրեն վրացիներուն եւ խոչընդոտել անկախ լրատուամիջոցները, որոնք կ՛աշխատին վրացիներու համար բարձրորակ տեղեկատուութեան հասանելիութիւն ապահովելու համար: «Քրեմլինի կողմէ ոգեշնչուած նման օրէնքը անընդունելի է: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանելու խաղաղ բողոքի ցոյցի իրաւունքը», ընդգծեց Միլլըր: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 10:30:06 AM

Փեսքով. «Ազրպէյճանը Մեր Դաշնակիցն Է, Որուն Հետ Բազմաթիւ Հասարակաց Շահեր Ունինք» . . . . Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը յարաբերութիւնները զարգացնելու ցանկութիւն եւ ներուժ ունին: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ազրպէյճանը մեր մեծ դրացին է, ընկերը, գործընկերը եւ դաշնակիցը: Եւ, իսկապէս, մենք ունինք բազմաթիւ հասարակաց շահեր, ունինք համագործակցութեան մեծ ներուժ եւ, որ կարեւորագոյնն է, մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու հարուստ աւանդութիւնները: Եւ երկու կողմէն ալ կայ քաղաքական կամք` շարունակելու եւ զարգացնելու այդ յարաբերութիւնները ամէն կերպով», ըսած է Փեսքով: Նշենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հասաւ Մոսկուա` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փեսքով ըսած է. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ նախագահ Փութինն ու վարչապետ Փաշինեանը կարելիութիւն պիտի ունենան անձամբ քննարկելու այս եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, այլ հրատապ հարցեր»: Ան յայտնած է, որ Երեւանէն տակաւին որեւէ ազդանշան չէ ստացուած հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման առնչուած ռուս սահմանապահներու դուրսբերման վերաբերեալ: Ան այսպէս մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի վերջին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման առնչուած ռուս սահմանապահները ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալ այնտեղէն, որովհետեւ այնտեղ առաջնագիծ պիտի չըլլայ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 10:00:29 AM

Զախարովա. «Հայաստանի Իշխանութիւններէն Յստակ Արձագանգ Կ՛ակնկալենք Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Ռազմաքաղաքական Համաձայնութիւններուն Մասին» . . . . Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանած է շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ ժողովի ծիրին մէջ ձեռք բերուած են ռազմաքաղաքական համաձայնութիւններ: Ան նշած է, որ նախապէս Երեւանը հրապարակաւ կը հաւաստէր, թէ Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը ուղղուած չէ երրորդ երկրի դէմ: «Հաշուի առնելով այս ամէնը` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք յստակ արձագանգ այս տեղեկատուութեան վերաբերեալ: Միեւնոյն ժամանակ չենք զարմանար, եթէ ի յայտ գայ, որ «Պիլտինկ Արմենիա՛զ Տիֆենս անտ Սեքիւրիթի Ռեզիլիընս» կոչուող փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած ծրագիրները, որոնք կ՛ենթադրեն Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի եւ սահմանապահներու Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի մասնագէտներով փոխարինում, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի սահմանային տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի եւ Իրանի դէմ աշխատանքներու ընդլայնում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կենսական կարեւորութեան ենթակառոյցներու, ուժանիւթի համակարգի վերակողմնորոշում, ներառեալ Մեծամօրի հիւլէական կայանի կազմաքանդում, 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումի ընթացքին Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները իսկապէս փաթթած են Երեւանին», ըսած է Զախարովա: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, պատասխանելով ազրպէյճանական «Ազերթաք» պետական գործակալութեան հարցումին, նշեց, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն պնդումը, թէ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ հանդիպումի ծիրին մէջ ռազմական բնոյթի փաստաթուղթ ստորագրուած է, «զուտ ապատեղեկատուութիւն է, օրակարգին վրայ անվտանգութեան հարցեր չեն եղած»: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 9:45:05 AM

«Պաքուն Սեփական Ուժերը Ունի Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը . . . . Շրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախեալ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման հեռանկարներէն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով: «Պաքուն սեփական ուժերը ունի Ղարաբաղի մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու համար», աւելցուցած է ան: «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գոյութեան, ապա ներկայիս ատիկա Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքն է, որ ունի իր ուժերը` անվտանգութիւնը ապահովելու համար, եւ ակնյայտ է, որ այդ հարցը միակողմանի չի լուծուիր: Կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախեալ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման հեռանկարներէն», նշած է ան` մեկնաբանելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերումը բռնագրաւեալ Արցախէն: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 9:30:15 AM

Ռուս Խաղաղապահներու Շարասիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն Շարժած Է Հայաստան . . . . Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկող ռուս խաղաղապահներու մեքենաներու շարասիւնը, երէկ հատելով Լաչինի միջանցքը, շարժած է դէպի Գորիս: Ռուսական «Ուրալ»-ներուն ու «ՔամԱԶ»-ներուն ուղեկցած է Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան մեքենան: Թէ Գորիսէն ո՛ւր պիտի երթան ռուս խաղաղապահները, յստակ չէ: Նախորդող օրերուն ազրպէյճանական մամուլին մէջ տեսանիւթեր յայտնուած էին, ուր ռուսական զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն դուրս կու գար Ազրպէյճանով: 17 ապրիլին Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը Ղարաբաղէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վաղաժամկէտ դուրսբերման որոշում ընդունած է: Խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած էր 5 տարի ժամկէտով` 44-օրեայ պատերազմէն ետք` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ յայտարարութեան համաձայն: Խաղաղապահներուն թիւը 1960 էր, իսկ անոնց լիազօրութեանց վերաբերեալ փաստաթուղթ կողմերուն միջեւ այդպէս ալ չէր ստորագրուած, 9 նոյեմբերի փաստաթուղթով անոնք պէտք է կանգնէին Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ, ինչպէս նաեւ հսկէին Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/23/2024, 9:15:05 AM

Müasir uslubda dizayn etdiyim vanna otağının təmirdən sonrakı görüntülərini təqdim edirəm. Paylaşımı vərəqləyərək dizayn şəkillərinə baxa bilərsiniz. ☎️ 050-254-07-83 Ünvan: Nərimanov rayonu, Albert Aqarunov küç. 14A (keçmiş Həsən Əliyev 114A ) #dizayn #təmir #tikinti #temirtikinti #design #memar #dizayner #interior #home #idea #modern #furniture #baku #bakitagram #azerbaijan #aztag #inşaat #usta #bina #temir

4/22/2024, 12:40:20 PM

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ-ի Կրտսերները` Յաղթական . . . . Երէկ տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի կրտսերներու բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի կրտսերները առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Սքուատրա Հազմիէն: Երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կրտսերները նոյն արդիւնքով (3-0) պարտութեան մատնեցին Տէյր Էլ Քամարը: Այսօր ժամը 18:00-ին կը սկսի կրտսերներու 2-րդ հանգրուանը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/22/2024, 12:30:07 PM

«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Զոյգ Ներկայացումներ Լիբանանի Մէջ . . . . Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին, Արցախի Վ. Փափազեանի անուան Դրամաթիքական թատրոնի խումբը հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի: Ներկայացումը արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող իր նիւթով, դերասաններու տպաւորիչ խաղարկութեամբ, ազդեցիկ եւ յուզիչ մթնոլորտով: Ձեռնարկի աւարտին ՋԱՀ-ի ատենապետ Նարէ Գալեմքէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց թատերախումբին, կատարուեցաւ յուշանուէրներու յանձնում: ՋԱՀ յանձնախումբի առաքելութիւններէն կը հանդիսանայ Արցախի մշակութային արժէքներու պահպանումը, եւ թատրոնը կը նկատուի այդ կարեւոր արժէքներէն մին: Այս նախաձեռնութեամբ թատերախումբը Արցախի շունչն ու ոգին փոխանցեց լիբանանահայութեան, եւ յանձնախումբը կրկին անգամ շեշտեց արցախցիի կողքին կանգնելու եւ անոր մշակոյթին տէր կանգնելու իր յանձնառութիւնը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/22/2024, 10:00:22 AM

Բնակիչները Փակեցին Կիրանց-Ոսկեպար Ճանապարհահատուածը . . . . Բնակիչները երէկ դարձեալ փակած են Վրաստան տանող ճանապարհը Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ: Անոնք շաբաթ օր շեշտեցին, որ իրենց բողոքի շարժումները շարունակական պիտի ըլլան: Յայտնեցին, որ այսօր փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպում նախատեսուած է, եթէ պարզաբանումները չբաւարարարուին, ցոյցերը կը շարունակուին: Շաբաթ երեկոյեան տաւուշցիները բացին ճանապարհը: Երէկ նոյնպիսի շարժում կատարելու հարցով կարծիքները կը տարբերէին: Տաւուշցիները այս քայլերով իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու Ազրպէյճանին յանձնման նախնական համաձայնութեան դէմ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/22/2024, 8:15:07 AM

Dəstə daxildir: 1 ədəd ürək falqa 3 ədəd zərli şəffaf şar 3 ədəd xrom şar 3 ədəd sadə rəngli şar ☑️ Hər növ helium şarlar 🎈 ☑️ Hərf və rəqəm şarlar🎈 ☑️ Personaj şarlar 👶🦄🦩 ☑️ Party aksesuarları 🎊 ☑️ Tort şamları ☑️ Hədiyyəlik qutu🎁 ☑️ Mişkalar və oyuncaqlar🧸 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📩Sifariş üçün direkt 📩 📲055-441-43-33 📲070-838-20-54 📥Whatshapp & 📞zəng☎️ 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📍Ünvan: Ceyhun Hacıbəyli küçəsi 22.(151 nömrəli məktəblə üzbəüz). Hərbi prokurorluq və Istanbul Meyhane restoranının yaxınlığı. Çapayevlə(Təbrizlə) Bakıxanov kuçəsini birləşdirən küçə. #sharlar #şarlar #шарики #helium #balloons #baku #baki #azerbaycan #azerbaijan #az #aze #aztag #aztagram #azerbaycaninsta #instagram #sham #şam #ozelgun #lecek #decor #adgünü #party #geritakip #geritakipvar #takipçikazan #birthday #love #romantik #ozelgunhediyesi #qizlar

4/21/2024, 11:47:45 AM

Neoklassik üslubda dizayn-təmirini yekunlaşdırıb təhvil verdiyimiz mənzildən fotoları paylaşırıq. _______ Əlaqə nömrələri: 050-254-07-81 050-254-07-83 email: [email protected] web: incigroup.az Ünvan: Nərimanov rayonu, Albert Aqarunov küç. 14A (keçmiş Həsən Əliyev 114A ) #dizayn #temir #instabaku #instaaz #luxdesign #kitchendesign #aztagtam #baku #baku🇦🇿 #bakutagram #bakucity #azerbaijan #azerbaycan #instaaz #instabaku #instabakutagram #azstagrambaku #aztag #aztagrambaku #bakitagram #bakuaz #klassiktemir

4/20/2024, 6:33:25 PM

Ամերիկեան Վեթոն Տապալեց Պաղեստինին ՄԱԿ-ի Լիարժէք Անդամակցութիւն Տրամադրելու Նախագիծը . . . . Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իրենց վեթոյի իրաւունքը օգտագործեցին` տապալելու համար Պաղեստինին ՄԱԿ-ի լիարժէք անդամակցութեան տրամադրման դուռը բացող որոշումի մը որդեգրումը: Ապահովութեան խորհուրդի 12 անդամներ թեր քուէարկեցին Ալճերիոյ կողմէ ներկայացուած նախագիծին, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կը յանձնարարէ Պաղեստինի պետութիւնը իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ ընդունիլ: Միացեալ Նահանգներ դէմ քուէարկեցին, իսկ երկու այլ անդամներ մնացին ձեռնպահ: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ վեթոյի օգտագործումը: Նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան վեթոն «անազնիւ է, անբարոյական եւ անարդարանալի»: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ վեթոյի կիրարկումը` նշելով. «Աշխարհին կը վստահեցնենք, որ մեր պաղեստինցի ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ պարտութեան մատնէ բռնագրաւումը, խլէ իր իրաւունքները եւ ստեղծէ ամբողջական գերիշխանութեամբ եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան անկախ իր պետութիւնը»: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/20/2024, 9:30:07 AM

Լաւրով. «Նախքան Ըսելը, Որ ՀԱՊԿ-ն Պարտաւոր Է Նշել Իր Պատասխանատուութեան Գօտին, Պէտք Է Ճշդել Հայաստանի Սահմանները» . . . . Հայաստան ինք տակաւին չի կրնար որոշել իր տարածքին մէջ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին: Այս մասին շարք մը ռուսական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Այս առումով Լաւրով մատնանշած է «Հայաստանի սահմանները գծելու, սահմանազատումը աւարտելու» անհրաժեշտութիւնը` նախքան ՀԱՊԿ-ի կողմէ իր պատասխանատուութեան գօտին սահմանելու մասին խօսիլը: «Երբ կ՛ըսեն, որ ՀԱՊԿ-ն չի կրնար սահմանել Հայաստանի մէջ իր պատասխանատուութեան գօտին, պէտք է նշել, որ Հայաստանը ինքն ալ ատիկա չէ սահմանած: Անոնք յայտարարած են, որ Ազրպէյճանի հետ կը յարգեն 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի սահմանները, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ է: Զուգահեռաբար անոնք ստեղծած են սահմանազատման յանձնախումբ եւ զուգահեռաբար Փաշինեանը վերջերս յայտարարած է Տաւուշի մարզին մէջ ոչ անքլաւային գիւղերու մասին, որոնք պատրաստ է փոխանցել: Ան հիմա այդ մարզի բնակչութեան կը համոզէ, որ այլ կերպ վարուիլը սխալ պիտի ըլլայ: Իսկ 1991 թուականի սահմանները, որոնք Փաշինեանը կ՛ուզէր, որ ՀԱՊԿ-ն հաստատէր ու պաշտպանէր, հաշուի չեն առնուիր», ըսած է ան: «Ուստի նախքան ըսելը, որ ՀԱՊԿ-ն պարտաւոր է նշել իր պատասխանատուութեան գօտին, անհրաժեշտ է ճշդել Հայաստանի սահմանները, աւարտել սահմանազատումը, ինչ որ աշխուժօրէն կ՛ընէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», աւելցուցած է ան: Լաւրով նաեւ նշած է. «Այն յայտարարութիւնները, թէ հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկած են ռուս խաղաղապահներու անգործութեան պատճառով, սխալ են»: Ան յիշեցուցած է, որ երբ ստորագրուած է Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ճանչցող փաստաթուղթը, ատոր մէջ ոչինչ կ՛ըսուէր Ազրպէյճանի մէջ հայ ազգային փոքրամասնութեան յատուկ իրաւունքներու ապահովման անհրաժեշտութեան մասին: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/20/2024, 9:00:18 AM

Եւրոպական Միութիւնը Ի Գիտութիւն Ընդունած Է Արցախէն Ռուսական Զօրքերու Դուրսբերման Մասին Յայտարարութիւնը . . . . Եւրոպական Միութիւնը զուսպ կ՛արձագանգէ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման: Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Փիթեր Սթանօ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան «Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ ռուս խաղաղապահները Ղարաբաղէն դուրս բերելու որոշում» հարցումին պատասխանելով յայտնած է. «Այն, ինչ որ կրնանք ըսել, հետեւեալն է. մենք ի գիտութիւն կ՛ընդունինք Լեռնային Ղարաբաղէն ռուսական զօրքերու դուրսբերման մասին յայտարարութիւնը: Այնուհետեւ կ՛աւելցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթին աջակցելուն»: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/20/2024, 8:45:06 AM

Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի Բանտին Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Է . . . . 28 սեպտեմբեր 2023-էն Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը 5 ապրիլէն հացադուլ յայտարարած է, կը տեղեկացնէ Վարդանեանի ընտանիքը: Արցախի նախկին պետական նախարարը կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալներուն: Ընտանիքը կը նշէ, որ հացադուլը սկսելէ ետք դադրեցուած են անոր հեռաձայնային զանգերը: Ընտանիքը սա միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններու բացայայտ խախտում կ՛որակէ նաեւ նշելով, որ յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի տեղափոխուած է մինչեւ մայիս: Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեանը յայտարարած է, որ խորապէս մտահոգուած է իր հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսած զայն: 5 ապրիլէն` հացադուլը սկսելէ ի վեր, անոր հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցած», նշած է Դաւիթ Վարդանեան: Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի կարելիութիւն տայ Միջազգային կարմիր խաչին` Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս բանտարկեալներուն վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռաձայնային կապը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, «ՔՈՓ 29»-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ` առանց նշուած քայլերու իրագործման: Ազրպէյճանական կողմը Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլի մասին ոչինչ յայտնած է: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/20/2024, 8:15:06 AM

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Միջազգային Քրէական Դատարանի Հիմնադիր Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփոյի . . . . Այսօր՝ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական Դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Միջազգային Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան: Հանդիպումէն ետք, անոնք ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին: Յայտնենք, որ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի Նորին Սրբութեան հրաւէրով. այս գիշեր ան հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ վաղը առաւօտ ներկայ պիտի գտնուի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/20/2024, 8:00:17 AM

Sanitar qovşaq dizayn həlli _______ ☎️ 050-254-07-83 Ünvan: Nərimanov rayonu, Albert Aqarunov küç. 14A (keçmiş Həsən Əliyev 114A ) #dizayn #təmir #tikinti #temirtikinti #design #memar #dizayner #designer #classic #interior #home #idea #modern #furniture #baku #bakitagram #azerbaijan #aztag #inşaat #usta #bina #temir

4/19/2024, 7:47:18 PM

Ուասլ. Ռիատի Հասաւ Աւարտական` Դուրս Ձգելով Սաժեսը . . . . Չորեքշաբթի գիշեր «զուտ լիբանանեան» մրցումի մը, Ռիատի 86-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը եւ հասաւ Ուասլի մրցաշարքի աւարտական: Ռիատի, որ առաջին մրցումին 95-92 արդիւնքով յաղթած էր, Սաժեսի դաշտին վրայ 109-106 արդիւնքով տեղի տուած էր 3 ապրիլին, ինչ որ արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի վրայ: Ռիատի մրցումի սկիզբը բաւական կորսուած վիճակ ունէր եւ 10-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք ինքզինք գտաւ եւ առաջին մասը 19-15 արդիւնքով աւարտեց: Յաջորդող մասերուն ալ Ռիատի տիրապետեց, մինչ Սաժես իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց վերջին մասին, երբ Ռիատի վճռած էր մրցումին արդիւնքը` 27 կէտի հասցնելով տարբերութիւնը: Ռիատիի աւստրալիացի նոր մարզիկը 20 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 8 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 1 պլոք, բայց 5 ֆաուլեր կատարեց: Էլմետին Քիքանովիչ (18 կէտ) Ուաէլ Արաքժի (17 կէտ, 8 ռիպաունտ), Քարիմ Զէյնուն (14 կէտ), Մենի Հերիս (12 կէտ) եւ Հայկ Կէօքճեան (10 կէտ) եղան Ռիատիի լաւագոյնները, մինչ Սաժեսի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճոնաթըն Կիպսըն (18 կէտ), Քարիմ Իզզետտին (10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Օմար Ժամալէտտին (10 կէտ): Սաժես 3-րդ դիրքի մրցումին յառաջիկայ չորեքշաբթի պիտի հիւրընկալէ Իրաքի Շորթան, Ղազիրի մէջ: Ռիատի աւարտականին պիտի մրցի Իրանի Շահրտարի Կորկանին դէմ: Առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ: Երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 1 մայիսին, Թեհրանի մէջ, իսկ 3-րդ մրցումը 8 Մայիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ, եթէ պէտք ըլլայ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/19/2024, 2:30:06 PM

Քոնկրեսական Մըքլինթոք Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը . . . . Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Թամ Մըքլինթոք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած վայրագութիւններն ու անոնց տուած դասերը եւ թրքական կառավարութենէն կը խնդրենք նոյնը ընել: Ի հարկէ, երեխաները մեղաւոր չեն ծնողներու մեղքերուն համար, սակայն անցեալի ազնիւ ճանաչումը կրնայ մեզ ետ պահել այդ մեղքերու կրկնութենէն: «Մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ անոնց կամակատարներու կատարած վերջին յանցագործութիւններուն եւ կ՛աղօթենք, որ ատոր համար պատասխանատու մութ ուժերը ապաշխարեն», ըսած է քոնկրեսականը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/19/2024, 10:00:22 AM

Ուաշինկթըն Կը Մեկնաբանէ Ռուս Խաղաղապահներու Արցախէն Հեռացումը . . . . Ուաշինկթըն չէ տեսած փաստ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը կը նպաստեն Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել` արձագանգելով այն դիտարկման, թէ «ռուս խաղաղապահները դուրս կու գան Ազրպէյճանէն` Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուելու համար», եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան Հարաւային Կովկասի մէջ հետեւանքները»: «Ինչպէս գիտէք, մենք կողմ չենք հանդիսանար բանակցուած եռակողմ համաձայնութեան, որ 2020 թուականին դադրեցուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը եւ ռուսական զօրքերը տեղակայեց այդ շրջանին մէջ: Անկեղծօրէն, մենք չենք տեսած որեւէ բան, որ ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը կը նպաստեն աւելի խաղաղ եւ կայուն Հարաւային Կովկասի շրջանին, եւ անցեալ աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ակնյայտօրէն կը մատնանշեն այդ կարեւոր փաստը կամ օրինակ այն, որ Ռուսիան վստահելի դաշնակից կամ գործընկեր չէ», ըսած է Փաթել: Ան վերահաստատած է, որ Ուաշինկթըն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն, «եւ պատրաստ ենք շարունակելու աջակցիլ այս հոլովոյթին»: Քրեմլին հինգշաբթի օր հաստատեց. «44-օրեայ պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները սկսած են դուրս գալ այնտեղէն»: Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւն ալ ըսաւ, որ զօրակազմի դուրսբերման որոշումը տրուած է բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով: «Հոլովոյթը արդէն սկսած է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ միջոցները` այս որոշումը կեանքի կոչելու համար», յայտարարեց Հաճիեւ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/19/2024, 9:45:06 AM

Միրզոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին Հետ . . . . Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ: Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական ընթացքը` ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք բարձր մակարդակի այցելութեան կազմակերպումը գործակցութիւնը խորացնելու ցանկութեան լաւագոյն վկայութիւնն է: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են առեւտրատնտեսական, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: Ընդգծուած է կարեւորութիւնը պարբերական ուղիղ թռիչքներու, որոնք կը նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ գործարար կապերու խթանման: Միրզոյեանն ու Պըն Ֆարհան իշխանը նաեւ քննարկած են միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, բազմակողմ հարթակներու վրայ գործակցութեան հարցեր, ներառեալ «Ուըրլտ Էքսփօ 2030» կազմակերպելը: Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանը կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնն ու գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ, որուն դրսեւորումն էր նախորդ տարի առաջին անգամ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի նախարարական հանդիպումին: «Շատ կարեւոր է, որ մենք միացեալ ջանքերով կը լրացնենք Սէուտական Արաբիոյ հետ խոստմնալից գործակցութեան բացը», ըսած է ան: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/19/2024, 9:30:07 AM

Լիբանանի Գծով Միջազգային Հնգեակի Խորհրդակցութեանց Ծիրին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Պէտք Է Դիմենք Երկխօսութեան Ու Անոր Խորքն Ու Ձեւը Մենք Պէտք Է Որոշենք» . . . . «Պէտք է դիմենք երկխօսութեան», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի գծով կազմուած հնգեակի հետ կայացած հանդիպումի աւարտին: Լրագրողներու հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք իրե՛նք պէտք է որոշեն, եւ ըսաւ. «Մե՛նք պէտք է որոշենք երկխօսութեան ձեւն ու խորքը»: Արդարեւ, Լիբանանի հրատապ հարցերու, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թնճուկի լուծման ճիգերու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Յակոբ Թերզեան երեքշաբթի օր մասնակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական պլոքներու հետ կայացած հանդիպումին: Խորքին մէջ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր Լիբանանի քաղաքացիներն ու ղեկավար ընտրանին մտահոգող նախագահական թնճուկի կարծրատիպ կեցուածքները մեղմացնելու եւ այս գծով կողմերու «բազկերակը քննելու» միտումով միջազգային հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները նախանցեալ օր Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի Տաուհաթ Արամունի բնակարանին մէջ տեսակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական գլխաւոր պլոքներուն, յատկապէս Հայկական երեսփոխանական, Ազգային համախոհութեան, Փոփոխութեան ուժերու եւ Թաժատտոտ, (Վերանորոգում) պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ամիսներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցն ու առնչակից կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացման կարելիութիւնները: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հնգեակին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի աւանդական վարքագիծը` պատերազմը մերժելու, բացառապէս քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու եւ միջհամայնքային համախոհութեամբ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատրաստ են ճիգ չխնայելու հանրապետութեան նախագահ ընտրելու աշխատանքին գծով` ընդգծելով, որ հրամայական է, որ համալիբանանեան համախութիւն գոյանայ նախագահի թեկնածուի շուրջ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 9:00:22 PM

Միջազգային Քրէական Դատարանը Կրնայ Հայերու Դէմ Ցեղասպանութեան Համար Հետաքննութեան Ենթարկել Ալիեւը . . . . Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը Միջազգային քրէական դատարանին դիմում կը ներկայացնէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ 12 մայիս 2021-էն ի վեր Ազրպէյճանի ապօրինի բռնագրաւման տակ գտնուող հայկական տարածքի մէջ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան շուրջ նախնական հետաքննութեան ձեռնարկելու։ Դիմումը կը ներառէ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնի կողմէ հաւաքուած ու արձանագրուած վկայութիւններ, որոնք կը հաստատեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ ծրագրուած, դրդուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը։ Աւելի ուշ, կ՛անդրադառնանք հաղորդագրութեան մանրամասնութիւններուն։ #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 8:11:52 PM

Dəstə daxildir: 1 ədəd ulduz falqa⭐ 1 ədəd ürək falqa❤️ 2 ədəd zərli şəffaf şar🔮 3 ədəd xrom şar🔵 3 ədəd sadə rəngli şar 🎈 ☑️ Hər növ helium şarlar 🎈 ☑️ Hərf və rəqəm şarlar🎈 ☑️ Personaj şarlar 👶🦄🦩 ☑️ Party aksesuarları 🎊 ☑️ Tort şamları ☑️ Hədiyyəlik qutu🎁 ☑️ Mişkalar və oyuncaqlar🧸 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📩Sifariş üçün direkt 📩 📲055-441-43-33 📲070-838-20-54 📥Whatshapp & 📞zəng☎️ 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📍Ünvan: Ceyhun Hacıbəyli küçəsi 22.(151 nömrəli məktəblə üzbəüz). Hərbi prokurorluq və Istanbul Meyhane restoranının yaxınlığı. Çapayevlə(Təbrizlə) Bakıxanov kuçəsini birləşdirən küçə. #sharlar #şarlar #шарики #helium #balloons #baku #baki #azerbaycan #azerbaijan #az #aze #aztag #aztagram #azerbaycaninsta #instagram #sham #şam #ozelgun #lecek #decor #adgünü #party #geritakip #geritakipvar #takipçikazan #birthday #love #romantik #ozelgunhediyesi #qizlar

4/18/2024, 2:24:25 PM

Լեռնալիբանանի Գերբաժակ. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր . . . . Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2023-2024 տարեշրջանի Լեռնալիբանանի գերբաժակի մրցումը` ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ բաժակակիր Հիլալ Նասրի միջեւ: Ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նախապէս Հիլալ Նասրի դէմ ունեցած է մէկ մրցում, որուն ընթացքին վերջինս կրցած էր 1 կոլ նշանակել եւ յաղթել ՀՄԸՄ-ի տղոց: Այդ օր մեր տղաքը լաւ ելոյթ չէին կրցած ցուցաբերել: Այս կիրակի Հիլալ Նասր դաշտին վրայ պիտի տեսնէ ՀՄԸՄ-ի տղոց իսկական մակարդակը: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ գտնուիլ Պհամտուն եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը: Փոխադրակառքեր տրամադրուած են Պուրճ Համուտի հրապարակէն, անոնք ժամը 14:30-էն սկսեալ դաշտ պիտի փոխադրեն համակիրները: Տիտղոս մը եւս աւելի կ՛ամրապնդէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կամքը: Անոնք վերջին հանգրուանին պիտի մրցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու լաւագոյն խումբերուն դէմ: Հիւսիսային Լիբանանի շրջանէն Անսար Մաուատա, Վուլվզ եւ Շեքքա հասած են աւարտական հանգրուան: Հարաւային Լիբանանի շրջանէն Շապապ Ատլուն եւ Ամալ Մաարաքէ հասած են աւարտական հանգրուան: Կը մնայ յստակացնել Պեքաայի 2 թեկնածուները, ինչպէս նաեւ Ռապիթաթ Ուարտանիէ (Լեռնալիբանանի 4-րդ դիրքը գրաւած) – Արզ Պէյրութի 2-րդ դիրքը գրաւած) յաղթականը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 1:30:09 PM

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունենալիք Կարեւոր Ձեռնարկներ . . . . – Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ: – Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Նիւթ` «Ցեղասպանութեան հռչակագիրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագիրի հրամայականներուն պատասխանել»: – Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովի բացումը: Նիւթ` «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան»: – Կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղէ: – Երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հանդիպում: – Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2024-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւի (ժամը 19:00-ին) աւարտին, ժողովրդային հաւաք տեղի պիտի ունենայ մայրավանքի շրջափակին մէջ` ժամը 21:00-ին: – Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, եւ ապա Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգ պիտի կատարուի` մայրավանքի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 11:00:17 AM

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պաղեստինը ՄԱԿ-ի Անդամ Ընդունիլ Յանձնարարող Նախագիծի Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ . . . . Աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր քուէարկութիւն պիտի կատարէ Ալճերիոյ պատրաստած նախագիծին շուրջ, որ կը յանձնարարէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը ընդունիլ: Պաղեստինեան իշխանութիւնները ապրիլին Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած էին ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան համար իր 2011-ին ներկայացուցած դիմումը վերստին քննել, հակառակ այն իրողութեան, որ վեթոյի իրաւունք ունեցող Միացեալ Նահանգները բացայայտ կերպով այդ քայլին իրենց ընդդիմութիւնը արտայայտած են: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ երէկ յայտնեց, որ իր կարծիքով` ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամակցութեան վերաբերեալ որոշումի մը որդեգրումը չի նպաստեր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի «երկու պետութիւններ» լուծումին հասնելուն: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 9:45:07 AM

Հնգեակի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մարատայի Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Ղեկավարներուն . . . . Լիբանանի նախագահական հարցի լուծման ճիգերու ծիրին մէջ այս գծով կազմուած հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները երէկ անջատ այցելութիւններ տուին Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Այս առթիւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, թէ հնգեակի ներկայացուցիչները կը փորձեն ղեկավար կողմերուն հետ խորհրդակցիլ եւ իմանալ անոնց կեցուածքը նախագահական հարցի լուծման գծով: Այլ հարցումի մը անդրադառնալով` Եգիպտոսի դեսպանը ընդգծեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէի հետ հանդիպումը եղած է իբրեւ երկրի ղեկավար անձնաւորութեան եւ ոչ թէ նախագահական թեկնածուի հանգամանքով: Դեսպան Մուսա դրական որակեց ցարդ կայացած խորհրդակցութիւնները: Նշենք, որ երէկուան հանդիպումներէն կը բացակայէր Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, անհանգստութեան բերումով: Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու եւ գործակցելու նախագահական հարցի լուծման քայլերուն միտող շինիչ առաջարկներու գծով: Այս առնչութեամբ ուշագրաւ է, որ կողմերը տակաւին տարակարծիք են նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւններուն գծով: Այս իմաստով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ քննադատեց հնգեակի նախաձեռնութիւնը` մերժելով Լիբանանի նախագահին ընտրութիւնը «խնամատար ներկայացուցիչի» կողմէ: Աւելի ուշ հնգեակի դեսպանները այցելեցին նաեւ Չափաւորական պլոքի երեսփոխաններուն, ուր նոյնպէս խօսակցութիւնները կեդրոնացան նախագահական թնճուկի մեղմացման կարելիութիւններուն վրայ: Հնգեակը այսօր պիտի տեսակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 8:45:06 AM

Լիբանանի Գծով Միջազգային Հնգեակի Խորհրդակցութեանց Ծիրին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Պէտք Է Դիմենք Երկխօսութեան Ու Անոր Խորքն Ու Ձեւը Մենք Պէտք Է Որոշենք» . . . . «Պէտք է դիմենք երկխօսութեան», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի գծով կազմուած հնգեակի հետ կայացած հանդիպումի աւարտին: Լրագրողներու հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք իրե՛նք պէտք է որոշեն, եւ ըսաւ. «Մե՛նք պէտք է որոշենք երկխօսութեան ձեւն ու խորքը»: Արդարեւ, Լիբանանի հրատապ հարցերու, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թնճուկի լուծման ճիգերու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Յակոբ Թերզեան երեքշաբթի օր մասնակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական պլոքներու հետ կայացած հանդիպումին: Խորքին մէջ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր Լիբանանի քաղաքացիներն ու ղեկավար ընտրանին մտահոգող նախագահական թնճուկի կարծրատիպ կեցուածքները մեղմացնելու եւ այս գծով կողմերու «բազկերակը քննելու» միտումով միջազգային հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները նախանցեալ օր Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի Տաուհաթ Արամունի բնակարանին մէջ տեսակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական գլխաւոր պլոքներուն, յատկապէս Հայկական երեսփոխանական, Ազգային համախոհութեան, Փոփոխութեան ուժերու եւ Թաժատտոտ, (Վերանորոգում) պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ամիսներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցն ու առնչակից կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացման կարելիութիւնները: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հնգեակին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի աւանդական վարքագիծը` պատերազմը մերժելու, բացառապէս քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու եւ միջհամայնքային համախոհութեամբ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատրաստ են ճիգ չխնայելու հանրապետութեան նախագահ ընտրելու աշխատանքին գծով` ընդգծելով, որ հրամայական է, որ համալիբանանեան համախութիւն գոյանայ նախագահի թեկնածուի շուրջ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 8:30:15 AM

Ֆրանսան Տուն Կանչեց Ազրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանը . . . . Փարիզ յայտարարեց, որ խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչած է Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, որոշումին պատճառը «վերջին ամիսներուն Ազրպէյճանի միակողմանի գործողութիւններն են, որոնք վնաս հասցուցած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այդ առնչութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը 16 ապրիլին ընդունած է դեսպան Անն Պուայոն: «Ան (Մաքրոնը, «Ա.») ափսոսանք յայտնած է Ազրպէյճանի գործողութիւններուն նկատմամբ եւ ցանկութիւն յայտնած լսելու ազրպէյճանական կողմի բացատրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` միեւնոյն ժամանակ յարգելով միջազգային օրէնքը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանի Արձագանգը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը տուն կանչելու Փարիզի քայլին, յայտնած է. «2020-ի պատերազմէն ետք Ֆրանսայի ակնյայտ հակաազրպէյճանական քայլերը յայտնի են բոլորին»: «Թէեւ ֆրանսական կողմը Ազրպէյճանը կը մեղադրէ միակողմանի գործողութիւններու մէջ, սակայն Ազրպէյճանի քայլերն ու Ֆրանսային ուղղուած պաշտօնական յայտարարութիւնները միայն պատասխան էին Ֆրանսայի ապակառուցողական գործունէութեան», ըսած է Հաճիզատէ: «Հակառակ մեր երկիրին դէմ զրպարտիչ արշաւին, մենք միշտ երկխօսութեան համար դռները բաց պահած ենք», եզրափակած է ան: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 8:15:05 AM

Ռուս Խաղաղապահներու Արցախէն Դուրսբերման Հոլովոյթը Սկսաւ . . . . Սկսած է բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման հոլովոյթը: Այս մասին հաղորդեց Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: ԱՓԱ նախապէս հաղորդած էր, որ ռուս խաղաղապահներու անձնակազմն ու սպառազինութիւնը դուրս բերուած են Դադիվանքի համալիրէն, եւ Դադիվանքը 15 ապրիլէն «կը հսկուի Ազրպէյճանի ոստիկանութեան կողմէ»: «Այսպիսով, մեկնարկած է Ազրպէյճանի տարածքէն ռուսական խաղաղապահ զօրամասի դուրսբերման հոլովոյթը», կ՛աւելցնէ Ազրպէյճանի պետական լրատու գործակալութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի Ականազերծման պետական գործակալութեան ղեկավար Վուկար Սուլէյմանով շուրջ 10 օր առաջ յայտարարած էր. «Կը ծրագրուի ռուս խաղաղապահները ներգրաւել բռնագրաւումէն ազատագրուած Ազրպէյճանի տարածքներու ականազերծման հոլովոյթին մէջ»: Դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիուզ»-ին յայտնած է, թէ բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերումը կը կատարուի փուլերով` հաստատելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու Արցախէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման սկիզբի մասին տեղեկութիւնները: «Զօրախումբի դուրսբերումը կը կատարուի փուլերով` Տաղստանի ճամբով», ըսած է դիւանագիտական աղբիւրը: Դուրսբերման աւարտի ժամկէտը տակաւին չի հաղորդուիր: Քրեմլին երէկ հաստատեց բռնագրաւեալ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման մեկնարկը: «Ազատութիւն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով այդ մասին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսած է. «Ատիկա իրօք այդպէս է»: Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ «ռուս խաղաղապահներու վաղաժամ դուրսբերման որոշումը ընդունուած է երկու երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ»: «10 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ մեր երկրի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու վաղաժամ դուրսբերման մասին որոշում տրուած է: Այդ գործընթացը արդէն իսկ սկսած է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները անհրաժեշտ միջոցներուն կը ձեռնարկեն որոշումը իրագործելու համար», նշեց Հաճիեւ: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/18/2024, 8:00:23 AM

Dəstə daxildir: 1 ədəd ulduz falqa 3 ədəd zərli şəffaf şar 3 ədəd xrom şar 3 ədəd sadə rəngli şar ☑️ Hər növ helium şarlar 🎈 ☑️ Hərf və rəqəm şarlar🎈 ☑️ Personaj şarlar 👶🦄🦩 ☑️ Party aksesuarları 🎊 ☑️ Tort şamları ☑️ Hədiyyəlik qutu🎁 ☑️ Mişkalar və oyuncaqlar🧸 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📩Sifariş üçün direkt 📩 📲055-441-43-33 📲070-838-20-54 📥Whatshapp & 📞zəng☎️ 🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸🔸 📍Ünvan: Ceyhun Hacıbəyli küçəsi 22.(151 nömrəli məktəblə üzbəüz). Hərbi prokurorluq və Istanbul Meyhane restoranının yaxınlığı. Çapayevlə(Təbrizlə) Bakıxanov kuçəsini birləşdirən küçə. #sharlar #şarlar #шарики #helium #balloons #baku #baki #azerbaycan #azerbaijan #az #aze #aztag #aztagram #azerbaycaninsta #instagram #sham #şam #ozelgun #lecek #decor #adgünü #party #geritakip #geritakipvar #takipçikazan #birthday #love #romantik #ozelgunhediyesi #qizlar

4/17/2024, 8:43:37 PM

Բռնցքամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Շահեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան . . . . Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները 3 արծաթէ մետալ, ինչպէս նաեւ 2 պրոնզ մետալ շահեցան, յայտնեց Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը: Արծաթէ մետալ շահած են 51 քկ կշիռի Դաւիթ Սաֆայեան, 92 քկ կշիռի Դաւիթ Սիմոնեան եւ գերծանր կշիռի Միսաք Տեպանեան: Հայաստանի հաւաքականի Էրիք Առստամեան եւ Լուսիա Աւետիսեան նուաճեցին պրոնզ մետալներ: Նշենք, որ Սերպիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը, եւ Հայաստանի հաւաքականը այդ ախոյեանութեան պիտի մասնակցի 19 մարզիկներով: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 1:00:18 PM

Արցախի Վ. Փափազեանի Անուան Դրամատիկական Թատրոնի Խումբը Հասաւ Պէյրութ . . . . Երէկ Պէյրութի օդակայան հասաւ Արցախի Վ. Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնի խումբը, որ հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՋԱՀ «Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբի, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայայցնէ «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը` երկու գործողութեամբ` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 12:00:21 PM

Պուրճ Համուտի Թաղամասերը Արդիական Ոճով Լուսաւորելու Ծրագիրի Ծիրին Մէջ. ՄԱԿ-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան . . . . Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու զօրակցութեան գրասենեակի («Եու. Էն. Օ. Փի. Էս.») պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ճարտարապետ Ահմետ Տահերի, որուն կ՛ընկերանային «Տի.Թի.Փի.» ընկերութեան ներկայացուցիչներ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Պուրճ Համուտի դաշտին մէջ արեւի ճառագայթով ելեկտրածին ուժանիւթի արտադրութեան կայանի մը կառուցման ծրագիրին վրայ, որ կը միտի շրջակայ թաղամասերու լուսաւորութիւնը ապահովել կենսոլորտային ապահով, տոկուն եւ խնայողական ոճով: Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ արեւու ճառագայթով ելեկտրականութիւն ձեռք ձգելու համար կայանի մը կառուցումը բնակարանային «Սեն Ժաք» համալիրի ինքնաշարժներու կայարանի տանիքին վրայ եւ այս` մերձակայ թաղամասերու լուսաւորութեան նպատակով: Զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի ելեկտրական ցանցերու զետեղման, որ կը միտի փոխարինել գործածուող սովորական լամբերը արդիական «ԼԵՏ» տիպի լամբերով: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 11:45:05 AM

Կազայի Պատերազմը Կը Պառակտէ Իսրայէլի Ղեկավարութիւնը . . . . Մինչ Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմը մուտք կը գործէ իր 7-րդ ամիսը, իսրայէլեան հասարակութիւնը մեծապէս պառակտուած է «յաղթանակի իրագործման» նկատմամբ: Նոյն կացութեան մէջ են Իսրայէլի նախարարներու պատերազմական սեղմ խորհուրդի երեք աւագ անդամները` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթն ու բանակի նախկին հրամանատար Պենի Կանցը, որոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները վերջերս մեծապէս աճեցան եւ դարձան հրապարակային: Այս մասին կը գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»: Օրաթերթը, յղում կատարելով իսրայէլեան աղբիւրներու, հաղորդեց, որ անոնք իրարու նկատմամբ վստահութիւն չունին, եւ անոնց յարաբերութիւնները ոխերով ու տարակարծութիւններով լեցուած են, ինչ որ կ՛ազդէ պատերազմի գլխաւոր հարցերուն վրայ: Կը նախատեսուի, որ իշխանութեան շուրջ տարակարծութիւնը ազդէ իրանեան յարձակումին հակադարձելու եւ «Կազայի մէջ գտնուող գերիները ազատագրելու համար վճռորոշ զինուորական արշաւ շղթայազերծելու, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք Կազային իշխելու կերպին վերաբերող» իսրայէլեան որոշումին վրայ: Իսրայէլեան աղբիւրները կը նշեն, որ երեք անձնաւորութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնոյթը «կացութեան սխալ արժեւորման» վտանգը կը բարձրացնէ: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի կարծիքով` Իսրայէլի մէջ իշխանութեան շուրջ պայքարը կրնայ ազդել այն հարցին վրայ, թէ Կազայի մէջ պատերազմը Իրանի հետ շրջանային պատերազմի պիտի վերածուի՞, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական համակարգը պիտի փոխէ եւ տասնամեակներու համար ճշդէ Իսրայէլի` Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ձեւը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութենէն պաշտօնատարներ յայտնած են, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը միջնորդներուն Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման համար ներկայացուցած առաջարկին իր պատասխանին մէջ պահանջած է նուազ քան 20 իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար հաստատել: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 11:00:26 AM

Զելենսքի. «Իսրայէլը Յարձակումէն Պաշտպանած Դաշնակիցները, Նոյնը Կրնան Ընել Ուքրանիոյ Համար» . . . . Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ըսած է, որ Իսրայէլը պաշտպանելու առումով դաշնակիցներուն վճռական գործողութիւնները կանխարգիլեցին Իրանի ահաբեկչութիւնն ու ենթակառոյցներու կորուստը: Անոր համոզումով նոյնը կարելի է ընել պաշտպանելու համար Ուքրանիան, որ Իսրայէլի նման ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ: Այս մասին հաղորդեց ուքրանական «Ինթըրֆաքս» կայքը: Ըստ Զելենսքիի, ռուսական յարձակումներու սաստկութիւնը կը պահանջէ դաշնակիցներու աւելի մեծ համախմբում: Մասնաւորաբար, ինչպէս Զելենսքի նշած է, պաշտպանելով Իսրայէլը, ազատ աշխարհը ցոյց տուած է, որ նման միասնութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլ նաեւ 100 առ հարիւր արդիւնաւէտ: «Դաշնակիցներու վճռական գործողութիւնները կանխարգիլեցին ահաբեկչութեան յաջողութիւնն ու ենթակառոյցներու կորուստը եւ նախայարձակին ստիպեցին կանգ առնել: Նոյնը կարելի է ահաբեկչութենէն պաշտպանելու համար Ուքրանիան, որ Իսրայէլի նման, ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ: Ատիկա 5-րդ յօդուածի կեանքի կոչում չի պահանջեր, բաւական է միայն քաղաքական կամք դրսեւորել», ընդգծած է Ուքրանիոյ նախագահը: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 10:45:05 AM

«Հայաստանը Պէտք Է ՀԱՊԿ-ի Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Կողմնորոշուի» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը . . . . Հայաստանը իսկապէս կրճատած է ՀԱՊԿ-ի հետ իր գործունէութեան շրջանակը: Այս հարցին մէջ յստակութիւնը կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն օգտին է: Այս մասին ռուսական «Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի եւ Հայաստանի գործակցութեան: Ըստ Թասմակամպեթովի, «սառեցում» եզրը ներկայ կացութեան մէջ այդքան ալ տեղին չէ օգտագործել: Ան նշած է. «Սառեցում» հասկացողութիւնը արտացոլուած չէ կազմակերպութեան փաստաթուղթերուն մէջ, ուստի մենք զայն պիտի չօգտագործենք ներկայ կացութեան առնչուած»: «Հայաստանը իսկապէս զգալիօրէն կրճատած է իբրեւ կազմակերպութեան անդամ իր գործունէութեան շրջանակը, սակայն, այնուամենայնիւ, աշխատանքները կը շարունակուին, քարտուղարութեան օրակարգին վրայ ընդգրկուած բոլոր հարցերը կը քննարկուին աշխատանքային կարգով: «Այս հարցին մէջ յստակութիւնը ձեռնտու պիտի ըլլայ մեր դաշինքի բոլոր մասնակիցներուն, նախ եւ առաջ` ճիշդ ծրագրաւորման համար», ըսած է ան: #aztag #aztagdaily #armenian #armenia #news #newspaper #lebanon #armeniannews #dailynews #beirut #diaspora

4/17/2024, 9:45:05 AM

Ağ şəhərdə sadə klassik üslubda təmir etdiyimiz mənzildən fotoları təqdim edirik. _____ Əlaqə nömrələri: 050-254-07-81 050 254 07 83 email: [email protected] web: incigroup.az Ünvan: Nərimanov rayonu, Albert Aqarunov küç. 14A (keçmiş Həsən Əliyev 114A ) #dizayn #temir #instabaku #instaaz #luxdesign #kitchendesign #aztagtam #baku #baku🇦🇿 #bakutagram #bakucity #azerbaijan #azerbaycan #instaaz #instabaku #instabakutagram #azstagrambaku #aztag #aztagrambaku #bakitagram #bakuaz #klassiktemir

4/16/2024, 7:13:37 PM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

5/19/2020, 8:09:11 PM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

12/16/2018, 10:13:42 AM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

9/11/2018, 6:27:55 PM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

7/6/2018, 4:36:52 PM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

5/16/2018, 9:53:36 AM

☆𝘽𝙤𝙮𝙖𝙢𝙖/𝙍ə𝙣𝙜𝙡ə𝙢ə ☆𝗫𝗶𝗺ç𝗶𝘀𝘁𝗸𝗮 (𝗞𝗶𝗺𝘆ə𝘃𝗶 𝗧ə𝗺𝗶𝘇𝗹ə𝗺ə/𝗬ı𝗸𝗮𝗺𝗮) • Parça, Kətan, Cins, Vilvet, Pambıq tərkibli,  Dəri, Nabuk, Zamuj tərkibli geyimlərin boyanması. • 𝘙ə𝘯𝘨𝘪 𝘚𝘰𝘭𝘮𝘶ş 𝘎𝘦𝘺𝘪𝘮𝘭ə𝘳𝘪𝘯 𝘉𝘰𝘺𝘢𝘯𝘮𝘢𝘴ı, 𝘙ə𝘯𝘨𝘪𝘯 𝘋ə𝘺𝘪ş𝘥𝘪𝘳𝘪𝘭𝘮ə𝘴𝘪 𝘷ə 𝘒𝘪𝘮𝘺ə𝘷𝘪 𝘛ə𝘮𝘪𝘻𝘭ə𝘯𝘮ə𝘴𝘪. ✔ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler➕😍 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azerbaycan🇦🇿 #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💎 #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ 📷 #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku #baki #azerbaycan🇦🇿 #bakililar #salam #azerbaycan #aze #azeri #aze #azerbaycaninsta #aztagram #aztagramm #aztagrambaku #aztagrampeople #aztag #azeactive💎 #aztagrampeople #aztaqram #azeactive #azeactive💪 #azeactiv #azeaktive #azeaktiv #aktivler #aktivler➕ ✔ #aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿➕➕➕➕➕➕➕ #aktivler#aktivler💙❤💚🇦🇿🇦🇿🇦🇿 #aktivler➕😍 #aktivler#aktivlerimiz #aktivlik #aktivler➕➕➕➕➕➕➕➕➕➕ #baku

4/25/2018, 9:43:49 AM